image

Վատիկանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատուն բացուած է

Վատիկանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատուն բացուած է

 Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս այսօր Վատիկանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատան բացումը կատարած է: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ-Ճատիտ», նշելով, որ այս առթիւ Ապաս կոչ ուղղած է աշխարհի երկիրներուն՝ ճանչնալ Պաղեստինի պետութիւնը. «Իչքան շատնայ Պաղեստինի պետութիւնը ճանաչողներու քանակը, այնքան մօտեցած կ'ըլլանք խաղաղութեան հաստատման»,- ըսած է ան:

ԱՄՆ-ի վարչակազմի՝ իր դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու մտադրութեան անդրադառնալով, Ապպաս յայտնած է, որ այդ մէկը փափաքելի չէ, որովհետեւ պատճառ պիտի խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը :

Մահմուտ Ապպաս Վատիկանի վարչապետ Մոնսէնիոր Փարօլինի  հետ քննարկած է պաղեստինեան հարցի վերաբերեալ վերջին զարգացումները եւ իսրայէլեան յարձակումները՝ պաղեստինցի ժողովուրդի եւ անոր քրիստոնէական եւ իսլամական սրբութիւններուն վրայ: Կողմերը նաեւ քննարկած են երկու երկիրների միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման ուղիները: