ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած է, թէ, բացի Իրանին ռազմական հարուած հասցընելէն, ինքը գործողութիւններու այլ «բազմաթիւ տարբերակներ» ունի, կը յայտնէ AFP-ը։
Պատասխանելով Իրանը ԱՄՆ-ի հնարաւոր հարվածելու մասին լրագրողներու հարցին՝ Թրամբ ըսած է․ «Կան շատ տարբերակներ։ Կայ ծայրայեղ տարբերակ, եւ աւելի քիչ մաշտապային տարբերակներ»։ Ան բացատրած է, որ «ծայրայեղ տարբերակ» ըսելով՝ նկատի ունի պատերազմը:
Թրամբ նաեւ յայտնած է, որ իր հրամանով Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին պիտի յայտարարուի 48 ժամուան ընթացքին։
«Ես բաւական ժամանակ ունիմ, որեւէ ստոր բան ընելու համար»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով․ «Եթէ մենք պէտք է ինչ-որ բան ընենք, մենք այդ առանց տատանելու կ'ընենք»։
Խօսելով սէուտական նաւթային կառոյցներու վրայ յարձակումներու մասին, որոնց մէջ ԱՄՆ-ը Իրանը կը մեղադրէ, Թրամբ նշած է․ «Այժմ մենք իրօք հասած ենք կէտի մը, երբ շատ բան գիտենք այն մասին, թէ ինչ տեղի ունեցած է»։