Լիբանան- Երկրի պատմութեան մէջ ամէնէն ծանր համարուած աւազամրրիկ մը կը հարուածէ Լիբանանի Պեքաայի լեռնային շրջանները: Աւազամրրիկին հետեւանքով մինչ քաղաքացիներ շնչառական խնդիրներ ունենալով հիւանդանոց փոխադրուած են հաղորդուած է նաեւ, որ փոխադրուածներէն մին, որ կին մըն սրտի տագնապի հետեւանքով մահացած է: Օդերեւութաբանական պետական մարմինը մինչ յայտարարած է, որ աւազամրրիկը կրնայ երկարիլ 3 շաբաթներու վրայ, անդին տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, որ Պեքաայի գիւղերուն մէջ տեսանելիութիւնը նուազած է եւ աւազի շերտեր ծածկած են ամբողջ շրջաններ: Շրջանի քաղաքացիներ կոչով հանդէս գալով ելեքդրականութեան ընկերութիւնէն պահանջած են յաւելեալ ուշադրութիւն եւ հոսանքի հայթաթում: Նշենք, որ աւազամրրիկը նոյնպէս կը հարուածէ Այնճար հայկական աւանը : Լուսանկարները ՝ Յովհաննէս Թասլաքեանի:



