image

Ծանր արկած Լոս Անճելըսի մէջ. Կէս մնացած է AYF -ի միջոցառումը

Ծանր արկած  Լոս Անճելըսի մէջ. Կէս մնացած է AYF -ի միջոցառումը

Կլենտէյլի մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի 11 յունիսին տարեկան պարահանդէսը կիսատ մնաց 12 յունիսի կանուխ ժամերուն, երբ գինով վարորդ մը իր փոխադրակառքով ուժգին հարուած մը հասցուց պարահանդէսի վայրը հանդիսացած ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին՝ սպաննելով կանգառի պատասխանատուն, ընդհատելով կեդրոնի ելեկտրականութիւնը, քանդելով հրշէջներու ջուրի աղբիւրը եւ վնաս հասցնելով շարք մը ինքնաշարժներու։

Վարորդը կրցաւ փախուստ տալ միջադէպի վայրէն, սակայն 12 յունիսի յետմիջօրէին ձերբակալուեցաւ։

Միջադէպի վայր հասած ոստիկանութիւնը պարահանդէսի վայրէն ապահով կերպով հեռացուց ներկաները։ Զոհին եւ արկածին պատասխանատու վարորդին ինքնութիւնը ցարդ չէ բացայայտուած։

 

Նիւթիւ աղբիւր՝ Ասպարէզ