image

Թովմաս Ժան Յակոբեանի վիճակը կը բարելաւուի. Տ. Արմաշ Արբազան այցելած է հիւանդանոց

Թովմաս Ժան Յակոբեանի  վիճակը կը բարելաւուի. Տ. Արմաշ Արբազան  այցելած է հիւանդանոց

Օրեր  առաջ   Գամիշլիի մէջ     վիրաւորուած   հայորդիին  վիճակը  կը բարելաւուի: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Դամասկոսի  իր աղբիւրէն:  Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ     «Սոթորո»   խմբաւորման  հայ զինեալներէն ՝ Թովմաս Ժան  Յակոբեան , որ       շաբաթ մը առաջ  Գամիշլիի «Հայ  ալ ուասթանի»  թաղամասին մէջ      վիրաւորուելէ եւ  բուժման նպատակով Դամասկոս    փոխադրուելէ ետք ենթարկուած էր   վիրաբուժական  գործողութեան  եւ    երկու  օրէ  ի վեր   անոր վիճակը կ'ընթանայ դէպի յաւելեալ բարելաւում:

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ   հայորդիին  մօտ կը գտնուի  վերջինիս  մայրը, որ  մօտէն կը հետեւի   բժիշկներու       ձեռք առած  քայլերուն:

 

 

 Նոյն  ծիրին մէջ    «Արեւելք»       իմացաւ, որ Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Տ.  Արմաշ  եպս. Նալպանտեան     հիւանդանոց     այցելութիւն մը   տալով    առողջութիւն  մաղթած   ու  օրհնութիւնները բաշխած  է վիրաւորեալ  հայորդիին:

 

 Յիշեցնենք, որ  Յակոբեան  վիրաւորուած էր   Գամիշլիի  շուրջ   գործող  քրտական  «Ասայէշ»  ջոկատներուն   հետ եղած   բախումի մը ընթացքին: 

 Դէպքէն անմիջապէս  ետք  շրջանի  պատասխանատու  մարմինները    ի մի գալով  արագօրէն լուծած  էին  հարցը  եւ    շրջանի  ընդհանուր իրադրութիւնը  վերադարձած էր իր նախկին խաղաղ  եւ բնականոն հունին: