image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ Մէջ Վաճառքի Հանուած են 1300 Պանդոկներ

Թուրքիոյ Մէջ Վաճառքի Հանուած են 1300 Պանդոկներ

Թուրքիոյ մէջ վերջին ամիսներու ընթացքին Եգէականի ու Միջերկրականի ափերուն գտնուող 1300 պանդոկներ վաճառքի հանուած են, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ մօտաւորապէս 10 միլիառ տոլար: Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա», փոխանցելով, որ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ վերջին ամիսներուն կատարուող զինուորական գոծողութիւնները ու ընդհանրապէս ներքին քաղաքական անկայուն վիճակը մեծ վնաս պատճառած են զբօսաշրջութեան ոլորտին:

Աղբիւրի համաձայն Զբօսաշրջութեան մայրաքաղաք նկատուող Անթալիայի մէջ, զբօսաշրջիկներու մեծ պակաս կը զգացուի, ուր չորս ամիսէ ի վեր մեծ թիւով պանդոկներ իրենց դռները փակ կը պահեն, մինչ վաճառքի հանուած են 410 պանդոկներ, որոնցմէ 120ը՝ հինգաստղանի: Իզմիրի մէջ նոյնպէս վաճառքի հանուած են՝ 203, Այտընի մէջ՝ 160, Պալըքէսիրի մէջ՝ 139 եւ Չանաքքալէի մէջ՝ 35 մեծ ու փոքր պանդոկներ, հիւրանոցներ ու հանգստեան տուներ:

Բացի քաղաքական անկայուն վիճակէն եւ արաւելեան նահանգներու մէջ տիրող հակամարտութիւններէն, զբօսաշրջիկներու թիւի նուազեցման մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են  Ռուս-թրքական ճգնաժամն ու  Սուլթան Համիտի հրապարակին վրայ 12 Յունուարին պատահած պայթումը, որու հետեւանքով ռուս եւ գերմանացի զբօսաշրջիկներու հոսքն ու զբօսաշրջական ընկերութիւններու դէպի Թուրքիա շրջապտոյտերը դադրեցուած են: Կը նշուի նաեւ, որ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, Անգլիա եւս կոչ ուղղած է անգլիահպատակներուն վաճառել Թուրքիոյ մէջ իրենց կալուածները եւ հեռանալ երկրէն: