Թուրքիոյ Չանաքքալէ բերդ նահանգի մէջ 2 օրուայ ընթացքին 3-րդ երկրաշարժը պատահած է: Երկրաշարժի ուժգնութիւնը եղած է 5.2 ռէխթր: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ երկրաշարժի հետեւանքով տուժած է Չանաքքալէի Այվաճըք շրջանի 12 գիւղ, աւերուած է 298 տուն: Երեխաները, ծերերը եւ կիները դուրս բերուած են շրջանէն:
Թրքական Կարմիր մահիկի գլխաւոր տնօրէն Քերէմէ յայտարարած է որ Կարմիր մահիկը պիտի շարունակէ համապատասխան օգնութիւն տրամադրել աղէտի գօտիի վրայ հանդիսացող բնակիչներուն:
