Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, որ նաեւ Գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդը կը շարունակէ հանդիսանալ, զրուցած է թուրք հեղինակ Քեմալ Եալչընի հետ, որ Պէքճեանի հետ իր հարցազրոյցը կիսած է Պոլսոյ հայկական պարբերականներէ «Ակօսի» էջերուն:
Պատրիարքի տեղապահը նկատած է, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ հայ համայնքի ու թրքական իշխանութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները առաւել կայուն կերպով կը զարգանան եւ նոյնիսկ արձանագրած է որոշակի դրական տեղաշարժ:
«Այո, կան որոշ դրական տեղաշարժեր: Յարաբերութիւնները այժմ առաւել կայուն վիճակի մէջ են: Պետութիւնը ոչ միայն հայկական, այլեւ միւս փոքրամասնութիւններուն հետ ալ կը փորձէ լաւ յարաբերութիւններ ստեղծել», - ըսած է Պեքճեան՝ որպէս դրական տեղաշարժ ընդգծելով աւելի վաղ պետութեան կողմէ բռնագրաւուած համայնքային շարք մը շինութիւններու ու տարածքներու՝ հայ համայնքին վերադարձնելու փաստը:
Շեշտելով, որ սա, այնուամենայնիւ, բռնագրաւուած համայնքային գոյքի միայն մէկ մասն է, Պեքճեան նշած է, որ իշխանութիւնները որոշակի խոստումներ տուած են եւս մի քանի բռնագրաւուած շինութիւններու վերադարձի հետ կապուած:
Ըստ Պեքճեանի՝ սա առաւելապէս կարեւոր է այն իմաստով, որ ետ ստացած շինութիւններու ու տարածքներու հաշուին համայնքը կը կարենայ որոշ չափով փոխհատուցել Պոլսոյ հայկական դպրոցներու պիւտճէի ծախսերու մէկ մասը:
Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան, պատասխանելով պատրիարքական ընտրութիւններու իրականացման ու իր յետագայ ընելիքներու մասին հարցին, նշած է, որ պատրիարքարանը այս փուլին կը սպասէ Պոլսոյ նահանգապետարանի ու երկրի ներքին գործոց նախարարութեան համապատասխան թոյլտուութեան:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահը յայտնած է, որ շուրջ կէս դար անց սիրով վերադարձած է իր ծննդավայր՝ Պոլիս, ու կեանքի մնացած հատուածը կ'ուզէ անցնել պոլսահայ համայնքին ծառայելով:
Պեքճեան պատմած է նաեւ իր կողմէ պատրաստուող հայերէն-թրքերէն եւ թրքերէն-հայերէն յատուկ բառարանի մասին, որուն վրայ կ'աշխատի աւելի քան 20 տարի եւ որ կը ներառէ աւելի քան 40 000 բառ:
Աւելի վաղ ան թարգմանած է Քեմալ Եալչընի՝ «Քեզ հետ սիրտս կը ծիծաղի» եւ «Սարի աղջիկ» գիրքերը:
«Եթէ նոյնիսկ պատրիարք չդառնամ, Պոլիս պիտի ապրիմ: Եթէ չընտրուիմ ալ՝ ժամանակիս մեծ մասը կրկին Պոլսոյ մէջ պիտի անցնեմ: Ժամանակիս մեծ մասը կը նախատեսեմ ծախսել մշակութային նախագծերու, թարգմանութիւններուս վրայ: Կի մտածեմ այլեւս մինչեւ կեանքիս վերջ Պոլիս, Թուրքիոյ մէջ մնալու մասին», - եզրափակած է պատրիարքի տեղապահը: