Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ աշխոյժութիւնը ձեռք կը բերէ բացայայտ թշնամական բնոյթ, սակայն Հարաւային Կովկասի մէջ կանխատեսուող Թուրքիոյ աշխոյժութիւնն անսպասելի ուղղուած է Լիպիոյ կողմը: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թուրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
«Այն տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ քանի մը խնդիրներ լուծելէ ետք: Անգարան Լիպիա կ'ուղարկէ ինչպէս ռազմական սարքեր եւ զէնք, այնպէս ալ զինուած կազմաւորումներ: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Թուրքիան շուտով Թրիփոլիի արուարձանին մէջ պիտի սկսի ռազմակայան կառուցել»,- նշած է ան: