image

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Հալէպի հարցը

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են Հալէպի հարցը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ նախագահ Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, որուն ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի՝ Հալէպի հարցը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նովոսթի» գործակալութիւնը:

Աղբիւրը նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները քննարկած են նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, այդ թուին՝ մօտիկ ապագային, զանազան մակարդակներու վրայ երկխօսութիւններու մշակումը: