image

Թուրքիոյ դատախազութիւնը ընդդիմադիր պատգամաւորին 103 տարուան ազատազրկում պահանջած է

Թուրքիոյ դատախազութիւնը ընդդիմադիր պատգամաւորին 103 տարուան ազատազրկում պահանջած է

Թուրքիոյ Շըրնաք նահանգի հանրապետական դատախազութեան կողմէ իրականացուող հետաքննութեան ծիրէն ներս ձերբակալուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) կին պատգամաւոր Նուրսէլ Այտողանի նկատմամբ 103 տարուայ պատժաչափի պահանջով դատավարութիւն բացուած է: Ըստ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութեան` դատախազութեան հրապարակած մեղադրանքը` «Զինուած կազմակերպութեան անդամ» ըլլալն է, 14 անգամ «կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն իրականացնելը»,  2 անգամ «յանցագործն ու յանցագործութիւնը գովել», «Ժողովուրդին թշնամութեան դրդել» եւ «ժողովուրդին օրէնքներուն չենթարկուելու դրելը»:

Կը նշուի, որ գործը ուղարկուած է Տիարպէքիրի դատախազութիւն, քանի որ վերջին յանցագործութիւնը կատարուած է այդ նահանգին մէջ: 

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ օրեր առաջ տեղի ունեցած մէկ այլ դատավարութեան ծիրէն ներս «զինուած կազմակերպութեան անդամ ըլլալու եւ  այդ կազմակերպութեան անունով յանցանք գործելու» յօդուածով Այտողանը արդէն իսկ  դատապարտուած է 4 տարի 8 ամիս ազատազրկման: