Թուրքիան կը պատրաստուի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին: Խորհրդարանի հաւանութեան արժանացած փոփոխութիւններու նախագիծը կը ներառէ կառավարման համակարգի փոփոխութիւն` հանրապետականէն անցում նախագահականի:
Հանրաքուէին ընդառաջ հետազօտական ընկերութիւններ սկսած են սոցհարցումներ իրականացնել՝ պարզելու բնակչութեան դիրքորոշումը:
Թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթը ներկայացուցած է «ORC» հետազօտական կեդրոնի՝ 36 նահանգի մէջ կատարած սոցհարցման տուեալները, որոնց մասնակցած 2.340 քաղաքացիներէն 62%-ը «այո» ըսած է հանրաքուէին: Սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ եղած է 38%-ը:
Հետազօտազական կեդրոնը հարցման արդիւնքները ներկայացուցած է նաեւ ըստ նահանգներու, եւ թէ ինչպէս պիտի քուէարկեն տարբեր կուսակցութիւններու ընտրողները:
Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP) ընտրողներու 96%-ը կողմ է, 4%-ը` դէմ:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու կողմնակից ընդդիմադիր «Ազգայնական շարժում կուսակցութեան» (MHP) ընտրողներու 56%-ը «այո» կ'ըսի, 34%-ը` «ոչ»:
Գլխաւոր ընդդիմադիր եւ փոփոխութիւններու գլխաւոր ընդդիմախօս «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP) ընտրողներու 6.3%-ը կողմ է, 93.7%-ը դէմ:
Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) կողմնակիցներէն 3.3%-ը կողմ է, 96.7%-ը` դէմ: