Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի օրուայ նիստին եզրակացուցած է, որ Թուրքիա վճռականօրէն պիտի շարունակէ աջակցիլ Սիրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը գտնուող թուրքմէններուն, որոնք կ'ենթարկուին Ռուսաստանի օդային յարձակումներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ», նշելով որ այս յայտարարութիւնը հրապարակուած է նախագահական նստավայրին մէջ եօթ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք:
Թերթը կը նշէ, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ քննարկած են նաեւ շարք մը այլ կարեւոր հարցեր, մասնաւորապէս կենդրոնանալով «Տահէշ»ի եւ PKK-ի դէմ պայքարելու շուրջ: Ան յայտարարծ է նաեւ, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը՝ սուրիական ճգնաժամի նկատմամբ պիտի չփոխուի, նշելով, որ Պաշար Ալ-Ասատի, կամ Դեմոկրատական կուսակցութեան (PYD) առկայութեամբ, որ կը հանդիսանայ PKK-ի սուրիական թեւը, լուծումի մը հասնիլը պիտի չյաջողի: