image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա.Մաքսանենգութեան մեղադրանքով ձերբակալուած է Հայաստանցի մը

Թուրքիա.Մաքսանենգութեան մեղադրանքով ձերբակալուած է Հայաստանցի մը

Թուրքիոյ Տրապիզոն քաղաքի մէջ, ոստիկանները Հայաստանի քաղաքացի մը ձերբակալած են։

Ըստ թրքական Hurriyet–ին, Տրապիզոնի ոստիկանութեան մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները յայտնաբերած են մաքսանենգ ճանապարհով Թուրքիա ներկրած՝ 650 տուփ ծխախոտ, 220 տուփ թութուն եւ 21 շիշ ոգելից խմիչք։

Մաքսանենգութեան մեղադրանքով ձերբակալուած է Հայաստանի քաղաքացի մը։  Այլ տեղեկութիւններ դեռ չկան։