Թուրքիա- («ANF News»)- Քիւրտիստանի եւ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ արգիլուած են Նէւրոզի (քրտական նոր տարի) տօնակատարութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ քրտական ANF News կայքը , նշելով, թէ արգելքը պարտադրուած էր «Արդարութիւն եւ Զարգացում» իշխող կուսակցութեան կառավարութեան կողմէ: Ըստ աղբիւրին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները այս քայլին դիմած են «կանխելու համար Նէւրուզի տօնին ընթացքին սպասուած հրահրումները» եւ սպասուած զանգուածային հաւաքներն ու ցոյցերը: ANF կը նշէ նաեւ, թէ, Շըրնաք եւ Մարտին քաղաքներու եւ անոնց շրջաններու մէջ քրտական նոր տարուան բոլոր իրադարձութիւններն ու միջոցառումները այսօրուան դրութեամբ նոյնպէս արգիլուած են, մինչեւ ցնոր տնօրինում: Նէւրուզի տօնակատարութիւնները արգիլուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Տողուպէյազիթի մէջ, սակայն միայն 21 մարտ օրուան համար թոյլատրուած ՝ Աղրիի եւ Տէրսիմի մէջ: Իսկ Պոլսոյ մէջ տօնակատարութիւնը սահմանուած է միայն 20 մարտին, «Պէքիրքէօյ Հալք Պազար» տարածքին մէջ: 21 մարտին զանգուածային տօնակատարութիւնը աւանդաբար տեղի պիտի ունենայ հիմնական քրտական Ամիտ քաղաքին մէջ, որմէ մէկ օր անց նոյն տօնը պիտի նշուի Ճիզրէի մէջ: Յիշեցնենք, որ յունիսի ընտրութիւններէն ետք ծանր բախումներ կը գրանցուին քրտական PKK-ին եւ Թուրքիոյ կառավարական ուժերուն միջեւ: