Ամերիկեան «The Wall Street Journal»թերթին փոխանցմամբ, Թրամբը ռուսական իշխանութիւններու հետ գաղտնի յարաբերութիւններ ծաւալած ըլլալուն մէջ մեղադրող տեղեկագրութեան հեղինակը բրիտանական հետախուզական ծառայութեան նախկին աշխատակից Քրիսթոֆըր Սթիլն է:
Ըստ աղբիւրին, 52-ամեայ Սթիլ երկար տարիներ աշխատած է Մոսկուա՝ բրիտանական հետախուզական գործակալութեան հաշուին:
Իր հերթին «BBC» յայտարարած է, որ բացի նշուած անձէն, բազմաթիւ այն անձիք նոյնպէս մասնակցած են տեղեկագրութեան պատրաստման:
Յիշեցնենք,որ անցեալ շաբաթ ԱՄՆ հետախուզական մարմինները բարձրաձայնած էին 35 էջերէ բաղկացած տեղեկագրութեան մը մասին, ուր կը նշուէր, թէ ռուսական իշխանութիւնները միջամուխ եղած են ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն եւ խանգարած ընտրութիւններու ընթացքը՝ ի շահ Թրամբին:
Թրամբ հերքած էր տեղեկագրութեան բովանդակութիւնը՝ ամբողջութեամբ կեղծիք համարելով զայն: