ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը լայնածաւալ յարձակում սկսած է ազգային անվտանգութեան իր նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի վրայ: Այն տեղի ունեցած է այն բանէն ետք, երբ Պոլթըն իր նոր գիրքին մէջ նախագահը անուանած է «անհետեւողական» եւ «զարմանալիօրէն չիրազեկուած» ղեկավար, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայնը»:
Twitter-ի շարք մը կտրուկ մեկնաբանութիւններուն մէջ Թրամբը Պոլթընի գիրքը անուանած է «սուտերու եւ մտացածին պատմութիւններու ժողովածու», ընդ որում, ըստ նախագահի, «այդ ամէնը նպատակ ունէր զիս ներկայացնելու ոչ գրաւիչ լոյսի ներքոյ»: Ինչպէս նշած է Թրամբը, «անհեթեթ յայտարարութիւններէն շատերը, որ ան ինծի կը վերագրէ, երբեք չեն եղած, պարզապէս յօրինուած է»: Նախագահը Պոլթընը անուանած է «դժգոհ ձանձրալի յիմար, որ միայն կռուիլ կ'ուզէր»: Ըստ Թրամբի, Պոլթընը «երբեք ոչինչ կը հասկանար... եւ իրմէ բարեյաջող ազատեցանք»:
Թրամբը նաեւ գրած է, որ 2018-ին, երբ Պոլթընը Սպիտակ տան մէջ 17 ամիս կ'աշխատէր, ինչպէս նաեւ 2019-ին, եղած են իրավիճակներ, երբ անոր պէտք էր անմիջապէս հեռացնել պաշտօնէն:
Մասնաւորապէս, նախագահը նշած է, որ, ելոյթ ունենալով «թոք-շոու»ի ժամանակ, Պոլթընը «յիմարաբար» մեկնաբանած է Հիւսիսային Քորէայի ապագայի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի կարծիքը, որ բարդացուցած է Թրամբի բանակցութիւնները Քիմ Չեն Ընի հետ:
Սպիտակ տունը Պոլթընի «The Room Where It Happened» («Սենեակը, ուր այդ տեղի ունեցաւ») 577 էջանի գիրքը արգելափակելու դատարանի վճիռ կը պահանջէ՝ պնդելով, որ գիրքը կը պարունակէ ազգային անվտանգութեան վերաբերող գաղտնի տեղեկատւութիւն, հակառակ որ գիրքի նախնական օրինակները արդէն ստացած են ամերիկեան շարք մը լրատուական գործակալութիւններ, որոնք չորեքշաբթի նիւթեր հրապարակած են Պոլթընի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:
Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քէյլի Մաքենանին հինգշաբթի գիրքը հրատարակելու Պոլթընի որոշումը «սարսափելի» եւ «արհամարհանքի արժանի» է անուանած է:
Ան ըսած է, թէ Պոլթընի այն պնդումը, որ 2019-ի յունիսին G-7 գագաթաժողովի ժամանակ Թրամբը Չինաստանի առաջնորդ Սի Ցզինփէն խնդրած է օգնել իրեն վերընտրուիլ, իրականութեան չի համապատասխաներ:
Պոլթըն, որ իր գիրքին համար 2 միլիոն տոլար կանխավճար ստացած է, կը պնդէ, որ Թրամբը Սիին խնդրած է ԱՄՆ-էն աւելի շատ գիւղմթերք գնել, որպէսզի օգնէ Թրամբին յաղթել ընտրութիւններուն գիւղատնտեսական նահանգներու մէջ: