image

Թրամբ Փիոնկ Եանկի իր «գործընկերոջ» հետ հանդիպման մասին խօսած է

Թրամբ Փիոնկ Եանկի  իր «գործընկերոջ» հետ հանդիպման մասին խօսած է

ԱՄՆ նախագահ Թրամբ երէկ, 25 մայիսին անակնկալ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է, նշելով, որ Հիւսիսային Քորէայի նախագահին հետ իր կողմէ չեղեալ յայտարարուած հանդիպումը կրնայ եւ կայանալ իր նախատեսուած ժամկէտին, այսինքն՝ 12 յունիսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Arabic Post» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ Սպիտակ Տունը ընդամէնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահներուն միջեւ 12 յունիսին նախատեսուած հանդիպումը չեղարկուած է:

Թրամբ նաեւ իր թուիթըրեան էջին գրառում կատարելով յայտնած է, որ Հիւսիսային Քորէա դրական եւ ջերմ վերաբերմունք ցուցաբերած է ԱՄՆ-ի նկատմամբ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ երկու երկիրները պիտի կարողանան երկարատեւ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կնքել: