image

Թարմանալ, Թառամիլ, Դարմանել Եւ Ընդարմանալ. Լեւոն Շառոյեան

Թարմանալ, Թառամիլ, Դարմանել Եւ Ընդարմանալ. Լեւոն Շառոյեան

Եթէ տանտիկին էք ու ամէնօրեայ սերտ առընչութիւն ունիք խոհանոցին ու հոն զետեղուած սառնարանին հետ, ապա կրնամ ենթադրել որ օտար չի հնչեր ձեր ականջին «թարմ» բառը։
Թարմ պտուղներ ու բանջարեղէններ։ Մանաւանդ՝ փուռէն նոր ելած թարմ ու անուշաբոյր հաց։
Որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլաք՝ եթէ ձեր սառնարանն ու ճաշասեղանը կարենաք տեւաբար լեցնել անոնցմով։
Բայց մինչ դուք կ՚ուրախանաք, ես կը տխրիմ՝ տեսնելով որ մեր Հայկազնեան ցեղին զաւակներէն շատ-շատեր կը նախընտրեն «թարմ» բառին փոխարէն գործածել անոր թրքերէն տարբերակը՝ «թազա»։
Բաղդատեցէ՛ք երկու բառերը իրարու հետ։ Հնչիւնային ու կազմական տեսակէտէ ո՞րն է աւելի հեշտալուրն ու գեղեցիկը։ «Թազա՞»-ն։ Ի՞նչ թերութիւն ունի սա «թարմ» բառը, որ բնիկ հայերէն բառ մըն է, բազմադարեան գոյութիւն մը պահպաներ է մեր բառագանձին մէջ ու հոսանքն ի վեր թիավարելով՝ եկեր հասեր է մեր օրերուն։
Եթէ բառարան բանանք, պիտի յիշենք կամ սորվինք որ «թարմ» բառը ունի իր իմաստային այլ նրբերանգներն ալ։ Օրինակ՝ «թարմ օդ» (մաքուր օդ իմաստով), «թարմ միտք» (ինքնուրոյն ու նոր արտայայտուող գաղափար), «թարմ յիշողութիւն» (պայծառ ու չմթագնած յիշողութիւն)։ Մամուլի մէջ երբեմն կը կարդանք.
— Եւրոպացի լրագրողը Հայաստան կատարած իր առաջին այցելութեան թարմ տպաւորութիւնները յօդուածաշարքով մը հրատարակեց։
— Նոր ընտրուած երիտասարդ վարչապետը թարմ շունչ մը բերաւ երկրին քաղաքական կեանքին։
— Կուսակցութեան շարքերը համալրուեցան թարմ ուժերով՝ երիտասարդ տարրերով։
Հիմա որ «թարմ»-ին իմաստը կատարելապէս իւրացուցինք, եկէ՛ք շարայարենք նաեւ այն բառերը, որոնք այդ արմատով կազմուեր են։
Բառարանը ամենէն առաջ կը յիշատակէ «թարմանալ» բայը։ Թարմանալ՝ թարմ դառնալ, թարմութիւնը վերագտնել, վերանորոգուիլ, կայտառանալ, պայծառանալ։ Զորօրինակ, կանոնաւոր մարզանքը կը կազդուրէ մեզ, կը թարմացնէ մեր ֆիզիքականը։ Ոմանք ալ իսկական թարմացում մը կ՚ապրին ամռան եղանակին ճամբորդելով, հաճելի արձակուրդներ վայելելով։
Ունինք «թարմատի» բառը, որ կը նշանակէ դեռատի, մատղաշ։ Կ՚ըսենք կամ կը լսենք. «Հարսն ու փեսան թարմատի երիտասարդներ էին, հազիւ 19-20 տարեկան»։
Դեռ կան «թարմաշունչ», «թարմաբոյր», «թարմերես» բառերն ալ, հասկնալի իմաստներով։
Սակայն զգո՜յշ՝ եթէ հանդիպիք «թարմատար» բառին։ Խաբուսիկ կազմուածք մը ունի ասիկա, անենթադրելի իմաստով մը։ «Թարմատար» կը նշանակէ…աւելորդ, անպիտան, անպէտք, անհարկի, յետին։ Կրնայի՞ք ակնկալել այսպիսի բացատրութիւն մը։
«Թարմ» բառին հրաժեշտ տալէ առաջ, բարի յիշենք Կաթողիկէ Հայոց նախկին կաթողիկոս-պատրիարքն ալ (1999-2015), որ խելացի ու ճարտար գիւտով մը իր «Թազա» մականունը հայացուցեր ու վերածեր էր «Թարմունի»ի ու ա՛յդպէս ալ կը ճանչցուէր հանրութենէն, —Հոգեւոր եւ գերերջանիկ տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Թարմունի։
***
«Թարմ»-ին հետ հնչիւնային մերձաւորութիւն մը ունի «թառամ» բառը, որ սակայն իմաստով՝ ուղղակի հականիշն է անոր։ Բաւական գործածական է այս արմատով շինուած «թառամիլ» բայը, որ կը նշանակէ թոռմիլ, թօշնիլ, թարշամիլ։ 70-ական թուականներուն շրթներէ չէր իյնար Ատիսի էստրատային նշանաւոր երգերէն մին.

Ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր, անթառամ ծաղիկներ,
Դուք՝ սիրոյ, կարօտի անմոռաց վկաներ։

Եւ իսկապէս, «թառամիլ»-ը առաւելաբար կը գործածուի բոյսերու եւ ծաղիկներու համար։ Երբ ծաղիկը պոկուի իր արմատէն ու զրկուի հողէն կամ մայր ճիւղէն ստացած իր աւիշէն, յայնժամ կը թօշնի, ուժէ կ՚իյնայ, կը կորսնցնէ իր թարմութիւնը, գլուխը կը խոնարհեցնէ…։ «Թառամեցաւ կարմիր վարդը, բաղում բլբուլ չի երգում» կ՚ըսէ ժողովրդային երգը։
Երբեմն ալ սակայն, «թառամիլ»-ը կարելի է գործածել մարդոց գունատ, դալկահար, քայքայուած դէմքը բնորոշելու համար։ Հիւանդը, զորօրինակ, որ ամիսներէ իվեր անկողնոյ կը ծառայէ ու չ՚ապաքինիր, թառամած դէմք մը կ՚ունենայ, թառամած ու խամրած աչքեր։ Մեր թոքախտաւոր ու վաղամեռիկ բանաստեղծները՝ Դուրեան ու Մեծարենց, այդպէս էին հաւանաբար…։
Թառամած դէմքերը կը կարօտին մասնաւոր ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ։
Ահա՛ բառ մը եւս, որ ինքզինք կը դնէ «թարմ»-ին ու «թառամ»-ին զուգահեռ գիծի վրայ, թէեւ տարբեր ուղղագրութեամբ մը։ Մեր Ոսկեղինիկին սիրուն բառերը կարծէք հրախաղ կը սարքեն մեր դիմաց,- թարմանալ, թառամիլ, դարմանել։
Կ՚ենթադրեմ որ «դարման»-ը իմ բոլոր ընթերցողներուն քաջածանօթ բառ մըն է։ Փոխ առեր ենք զայն պարսկերէնէն։ Թուրքերն ալ ունին «տէրման» բառը, միշտ նոյն իմաստով՝ դեղ, ճար, հնարք, միջոց, խնամք, ամոքում։
«Դարման»-ը առողջապահական կալուածին պատկանող բառ մը ըլլալով՝ Պէյրութի երբեմնի «Բժիշկ» հայալեզու ամսագիրը տեւաբար սա ուշագրաւ խրատը դաջած կ՚ըլլար իր տիտղոսաթերթին վերեւ. «Մէկ կրամ նախազգուշութիւնը հազար կրամ դարման կ՚արժէ»։
Կան անշուշտ «դարմանելի» հիւանդութիւններ, ու դժբախտաբար նաեւ՝ «անդարմանելի» հիւանդութիւններ։ Երկու պարագաներուն ալ, անկասկած, ձեր ոտքերը պէտք է ուղղուին դէպի բժիշկին «դարմանատուն»-ը…։
«Դարման»-ը նաեւ անունն էր հայերէն բժշկական ամսաթերթի մը, լոյս տեսած Պոլիս,1920-22 թուականներուն։
Ու վերջապէս, ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ «ընդարմանալ» չէզոք բային վրայ։
Չխաբուիք։ «Դարման» արմատը չկայ այստեղ, այլ կայ «ընդ» նախդիրն ու «արմանալ» (զարմանալ) բայը։ Ուստի, «ընդարմանալ», իր նախնական իմաստով կը նշանակէ սաստիկ զարմանքէն շշմիլ, ապշիլ։
Իր երկրորդ՝ աւելի տարածուն իմաստով, «ընդարմանալ» կը նշանակէ թմրիլ, անզգայանալ, սառած մնալ։ «Ձեռքերս ընդարմացել են ցրտից», կ՚ըսեն Արեւելահայերը։ Իսկ ֆրանսահայ մտաւորական մը, վերջերս, մամուլին մէջ կը գրէր. «Գաղութային կեանքը ընդարմացումի նշաններ ցոյց կու տայ»։
Ես ալ հիմա հարց կու տամ.«Ո՞վ պիտի դարմանէ այս ընդարմացումը»…

Լ.Շ.
sharoyanlevon@gmail.com

Հալէպ