image

«Թալիպան» աւստրալիացի եւ ամերիկացի երկու առեւանգեալներուն մասին տեսագրութիւն տարածած է

«Թալիպան» աւստրալիացի եւ ամերիկացի երկու առեւանգեալներուն մասին տեսագրութիւն տարածած է

Աֆղանիստանեան «Թալիպան» շարժումը երէկ, 11 յունուարին տեսագրութիւն մը տարածած է՝ իր առեւանգած աւստրալիացի եւ ամերիկացի երկու առեւանգեալներուն մասին, ուր վերջիններս ամերիկեան կառավարութեան կոչ կ'ուղղեն՝ առեւանգողներուն հետ բանակցութիւններ վարելու, աւելցնելով, որ համաձայնութեան չգալու պարագային իրենք պիտի սպաննուին: Այս  մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Նշենք, որ Քապուլի Ամերիկեան համալսարանի դասախօսները առեւանգուած էին Օգոստոսին՝ ԱՄՆ-էն բանտարկեալներու փոխանակման պահանջով:

Նորընտիր նախագահ Թրամբին ուղղուած ուղերձին մէջ աւստրալիացի Ուիքս աղերսած է «Թալիպան»ի խնդրանքով ազատ արձակել «Պակրամ» ռազմակայանի եւ «Փօլ Շարքի» բանտի գերիները, այլապէս «Թալիպան» պիտի սպաննէ զիրենք:

«Պարո'ն Թրամբ, կը խնդրեմ, կը խնդրեմ Ձեզի, այս հարցի լուծումը Ձեր ձեռքերուն մէջ է: Կ'աղաջեմ, որ «Թալիպան»ի հետ բանակցիք, այլապէս պիտի սպաննուինք»,- աղերսած է Ուիքս:

Նշենք նաեւ, որ ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ ԱՄՆ զինուած ուժերը գրոհ կատարած էին՝ փրկելու համար երկու առեւանգեալները, սակայն վերջիններս գրոհի վայրին մէջ չեն գտնուած: