Սուրիա («Ալ-Նահար»- Պէյրութ)- Միացեալ Նահանգներու ապահովական պապատասխանատուներ յայտարարած են, որ «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման մեծ առաջնորդ մը, որ Փէնթակոնի կողմէ ճանչցուցած է, որպէս կազմակերպութեան «պատերազմի նախարար», հաւանաբար սպանուած է: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-նահար», նշելով, որ Սուրիոյ Ալ-Շատտատէ քաղաքին վրայ դաշնակից ուժերու կատարած օդային յարձակումներուն հետեւանքով այս առաջնորդի հաւանական մահը մեծ յաղթանակ պիտի ըլլայ ամերիկեան ուժերու կողմէ ծայրայեղական կազմակերպութեան ղեկավարներուն վերացման ուղղուած ջանքերուն առնչութեամբ:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ապու Օմար Ալ-Շիշանի անունով ծանօթ այս ղեկավարը ամենաշատ հետապնդուող առաջնորդներէն մէկն է, որու համար ԱՄՆ-ն հինգ միլիոն տոլարի դրամաշնորհ առաջարկած էր այն անձին, որ կրնայ տեղեկութիւններ փոխանցել Շիշանիի մասին եւ օգնելու անոր վերացման: Շիշանին ծանօթ է որպէս ռազմական խորհրդատուն եւ մօտիկը «Իսլամական պետութեան» առաջնորդ Ապու Պաքր ալ-պաղտատիին, որ իր կողմնակիցներուն յայտնած էր, թէ մեծապէս կը վստաիհի եւ կ'ապաւինի անոր: Շիշանի նաեւ, որպէս Վրաստանի քաղաքացի, կազմակերպութիւնը օտար զինեալներով մատակակարող հիմնական անձն էր:ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարութեան ենթադրութեամբ, Շիշանին ուղարկուած էր այնտեղ ամրապնդելու ահաբեկիչ զինեալները, երբ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող Սուրիական արաբական դաշնութիւնը գրաւած էր Շատտատէ քաղաքը: Սակայն անոր մահուն մասին ստոյգ փաստեր չկան:
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ եթէ հաստատուի Շիշանիի մահը, այն պիտի նկատուի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ մայիս ամսէն սկսեալ իսլամական պետութեան ղեկավարութեան դէմ ուղղուած ամենայաջող գործողութիւններէն մէկը: