image

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը՝ այցելած է Պատրիարքարան

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը՝ այցելած է Պատրիարքարան

 Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան այցելութիւն տուած է Պատրիարքարան եւ ընդունուած Պատրիարք Սահակ Բ.ն Մաշալեանին կողմէ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ժամանակ» պարբերականէն։

 

 Աղբիւրը այս մասին մասնաւորապէս գրած է, թէ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

 

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան առօրեայ խնդիրներու կապակցութեամբ եւ մաղթեցին, որ համաշխարհային չափանիշով տարածում գտած համավարակը վերջ գտնէ եւ մարդկութիւնը վայելէ բնականոն կեանքի պայմանները։ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման աւարտին որպէս յիշատակ նուիրեց իր հեղինակած «Երկու ուխտաւորներ» գիրքէն օրինակ մը։ Գերապայծառ տէրը այս առիթով ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հոգեւոր պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։