Աւստրալիոյ Թեմի Հայոց առաջնորդ Տ. Հայկազուն արք. Նաճարեան մաս կազմած է Քրիստոնեայ առաջնորդներու պատուիրակութեան մը, որ օրեր առաջ այցելած է Եգիպտոս: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գահիրէէն:
Սրբազան հայրը յոյն ուղղափառ, լատին, ղըպտի, յոյն կաթողիկէ, մարոնիթ, ասորի եւ Աւստրալիոյ տարածքին հովուական գործունէութիւն ծաւալող քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու ղեկավարներուն հետ այցելած է Գահիրէ եւ հանդիպում ունեցած երկրի նախագահ զօր. Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսիին հետ:
Քրիստոնեայ առաջնորդներու այս այցելութիւնը կատարուած է յատկապէս Եգիպտոսի ղըպտիներուն որպէս զօրակցութեան նշան: Պատուիրակութեան անդամները նոյնպէս այցելած են ղըպտիներու Պատրիարք Թէոտորոս Պապին եւ «Ալ Ազհար»ի կրօնական պետ Շէյխ Ահմատ Ալ Թայէպին:
Այս եւ բոլոր հանդիպումներու թեման կեդրոնացած է շրջանին մէջ տիրող մտահոգիչ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ղըպտիներուն դէմ եղած դէպքերուն եւ այդ դէպքերէն ետք տիրող ընդհանուր կացութեան մասին:
Գահիրէ այցելող քրիստոնեայ առաջնորդները նոյնպէս այցելած են վերջին ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով տուժած եւ ներկայիս դարմանում ստացող եւ հիւանդանոցներ գտնուող վիրաւորներուն:

