Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս օրերուն եղած է հիւրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին։ Յունուար 24-ին Լոս Անճելըսի մէջ ան պատարագ մատուցած եւ քարոզած է Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։ Ընդունելութեան ներկայ եղած են Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ հոգեւորականաց դասը, նախկին թեմակալ առաջնորդ Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն վերջ Ընդհանուր Փոխանորդին պատւոյն ճաշասեած մը պատրաստուած էր, որուն մասնակցած էին հոգեւորականաց դասը: Ճաշասեղանի շուրջ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ողջունած է Ընդհանուր Փոխանորդին այցելութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ իր հերթին, հանդէս եկած է շնորհակալութեան խօսքով մը եւ յայտնած է իր ուրախութիւնը՝ այցելութեան շարժառիթին կապակցութեամբ, ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան այժմու առաջնահերթութիւններուն եւ թրքահայ համայնքային կեանքի ներկայ ընթացքին շուրջ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ձեռքի խաչ մըն ալ նուիրած է Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Լոս Անճելըս մեկնած էր Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի վախճանման 25-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւններուն առթիւ։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդած էին, թէ ան Պոլիս պիտի վերադառնայ Յունուար 28-ին։
Նիւթի աղբիէր՝ Ժամանակ