image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ջերմ Ընդունելութեան Արժանացած է

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ջերմ Ընդունելութեան Արժանացած է

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս օ­րե­րուն եղած է հիւրը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մին։ Յունուար 24-ին Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ ան պա­տա­րա­գ մատուցած  եւ քա­րո­զած է Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ։ Ընդունելութեան ներ­կայ եղած են Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը, նախ­կին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­չէ Արք. Յով­սէ­փեան եւ Հա­յաս­տա­նէն՝ Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան։ «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին պատւոյն ճաշասեած մը պատրաստուած էր, որուն մասնակցած էին հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը: Ճաշասեղանի շուրջ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան ող­ջու­նած է Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ իր հերթին, հան­դէս ե­կած է շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը եւ յայտնած է իր ու­րա­խու­թիւնը՝ այ­ցե­լու­թեան շար­ժա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ, ան նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թեան այժ­մու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն եւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ներ­կայ ըն­թաց­քին շուրջ։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ձե­ռքի խաչ մըն ալ նուի­րած է Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նին։ 

 

 

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Լոս Ան­ճե­լըս մեկ­նած էր Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-ա­մեա­կին ձօ­նուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն առ­թիւ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դած էին, թէ ան Պոլիս պի­տի վե­րա­դառ­նայ Յունուար 28-ին։

 

 

Նիւթի աղբիէր՝ Ժամանակ