image

Սուտան Էրտողանին ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կղզի մը «նուիրեց»

Սուտան Էրտողանին ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կղզի մը «նուիրեց»

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտնած է, որ Սուտան ընդունած է Սաուաքէն կղզին Թուրքիոյ տնօրինման յանձնել, առանց վերջնաժամկէտ որոշելու՝ զայն վերակառուցելու նպատակով:

Ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին, Կարմիր ծովու արւեմտեան ափին գտնուող Սաուաքէն կղզին Ափրիկէի հնագոյն նաւահանգիստներէն մէկն է, որ ափրիկեցի իսլամներու համար դէպի Մաքքէ ուղեւորուելու միջոց հանդիսացած է անցեալին: Անկէ օգտուած են նաեւ օսմանցիները, նկատի ունենալով կղզիի ռազմավարական կարեւոր դիրքը:

Թրքական «Հուրրիէթ» թերթի փոխանցմամբ, Էրտողան յայտնած է, թէ իր երկիրը 650 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարած է Սուտանի մէջ, որմէ 300 միլիոն տոլարը անմիջական ներդրումներու տեսքով է: