image

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ներկայ պիտի գտնուի Ղազախստանի խաղաղութեան բանակցութիւններուն

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ներկայ պիտի գտնուի Ղազախստանի խաղաղութեան բանակցութիւններուն

Սուրիոյ ընդդիմադիր խումբերը որոշած են մասնակցիլ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ զօրակցութեամբ կայացող՝ Ղազախստանի խաղաղութեան երկխօսութեանց: Այս մասին այսօր՝ 16 յունուարին յայտարարծ են Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներու ղեկավարները: 

 «Ռոյթըրզ» գործակալութեան համաձայն, որոշումը կայացուած էր  Անգարայի մէջ ընթացող ընդդիմադիր խմբաւորումներուն հանդիպման ընթացքին, որ այժմ պատուիրակութիւն կազմելու աշխատանք կը տանի:

Սուրիոյ ազատ բանակի պատասխանատուներէն մէկը, որ խնդրած է անունը չհրապարակել, տեղեկացուցած է, որ խմբաւորումներու կողմէ առաջին քննարկուող հարցը պիտի ըլլայ հրադադարի պահպանման ռեժիմի հաստատումը եւ «իշխով վարչակազմի ոտնձգութիւնները»:  «Ֆասթաքէմ» խմբաւորման անդամ Զաքարիա Մալահֆճի աւելցուցած է, որ բացի հրադադրէն պիտի քննարկուին նաեւ մարդասիրական օգնութիւններու եւ կալանաւորները ազատ արձակելու հարցերը: