ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի անդամները կոչ կ'ընեն վերջ տալու Սուրիոյ մէջ անազատութեան մէջ գտնուողներու նկատմամաբ բռնութիւններու անպատժելիութեան։
Կազմակերպութեան պաշտօնական էջին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կը գտնուին հակամարտութեան զինուած կողմերու ձեռքը, անոնք կը պահուին գաղտնի բանտերու մէջ արտաքին աշխարհի հետ առանց որեւէ կապի։ Շատերը զոհ կը դառնան արտադատարանական պատիժներու։ Անոնց մարմինները կը թաղուին անյայտ գերեզմաններու մէջ։
Անյայտ կորածաներու հարազատները կ'ապրին ծանր անորոշութեան մէջ՝ ոչինչ իմնալաով իրենց հարազատներու ճակատագիրներու մասին։