image

Սուրիոյ Օգնութեան Միջազգային Նուիրատուական խորհրդաժողով՝ Հելսինքիի մէջ

Սուրիոյ Օգնութեան Միջազգային Նուիրատուական խորհրդաժողով՝ Հելսինքիի մէջ

23–24 յունուարին Հելսինքիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ Օգնութեան Միջազգային Նուիրատուական խորհրդաժողով: Այդ մասին լրագրողներուն յայտարարած Է ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Համակարգման Վարչութեան մամլոյ քարտուղար Ենս Լերքէ:

«Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի աջակցութեան Հելսինքիի խորհրդաժողովը պիտի հաւաքէ տարածաշրջանի կառավարութիւններու, ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու, միջազգային տնտեսական հիմնարկներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ սեփական հատուածի ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովը պիտի առաջարկէ հանգուցային մարդասիրական առաջնահերթութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ ռազմավարութիւններու ընդհանուր ամփոփումը: Այնտեղ նաեւ պիտի տրուի 2017–2018 թուականներու համար փախստականներու եւ կայուն զարգացման վերաբերեալ տարածաշրջանային ծրագրին մեկնարկը»,- ըսած է Լերքէ:

Անոր խօսքով, Սուրիոյ նուիրուած մարդասիրական խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Սթիւըն Օ’Պրայըն, կը հաղորդԷ «ՌԻԱ Նովոսթի»: