Բրիտանական «The Guardian» թերթը Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու թղթակից Մարթին Շուլուֆի «Ինչ կրնան ըլլալ ԱՄՆ-ի թիրախները Սուրիոյ մէջ եւ ինչպէս կրնայ հակադարձել Ռուսաստանը» խորագրով յօդուածը հրապարակած է, ուր ան հերքած է Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք իրադարձութիւններու մասին կանխատեսումները եւ փաստերը:
Յօդուածագիրը ըսած է, որ Եթէ ԱՄՆ նախագահը Սուրիոյ դէմ նոր հարուած հասցնելու հրահանգ տայ, հնարաւոր թիրախներու ցանկին պիտի ըլլան սուրիական օդանաւներու նոր ռազմաակայաններ, նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը Իսրայէլի յարձակման հետեւանքով բաւական վատթարացած է:
Յօդուածին կցուած՝ թիրախ դառնալու հաւանական կէտերու քարտէզին վրայ նշուած են Դամասկոսի, Հոմսի, Համայի եւ այլ ռազմակայանները:
Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ այս ռազմական գործողութիւններուն դէմ դնելու միջոցներուն մասին խօսելով, յօդուածագիրը նշած է օդային պաշտպանական համակարգերու օգտագործման հնարաւորութեան մասին, որուն մէջ մեծ հարցականը այն է, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի գործածէ մէկ տարի առաջ Սուրիոյ մէջ տարածած «S-400»ի համակարգը: