image

Սուրիոյ կառավարութիւնը առգրաւած է 275 միլիառ տոլար. Լիրան կրնայ բարելաւուիլ

Սուրիոյ կառավարութիւնը  առգրաւած է  275   միլիառ  տոլար.  Լիրան կրնայ  բարելաւուիլ

Սուրիոյ   կառավարութիւնը,  գործադրելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի  կողմէ     եղած  թելադրանքները , յաջողած է     սուրիացի       անուանի     150 առեւտրականներէ    առգրաւել  275 միլիառ  ամերիկեան տոլարի    պատկառելի գումար մը։

Այս    մասին տեղեկութիւնները հրապարակած են  Սուրիոյ մասին լուրեր հաղորդող     ընկերային ցանցի էջեր։ Կը նշուի նաեւ, որ  այդ գումարները  առգրաւուած են  այն  պատճառով, որ գործարարները իրենց վրայ   եղած       պարտաւորութիւնները   չեն կատարած եւ խուսափած են պետական տուրքերէ։

Նոյն   առումով եւ Սուրիոյ տնտեսական  ոլորտին մասին   վերլուծումներ կատարող   տնտեսագէտներ  նշած են,  որ   այս  կարգադրութիւնը  նոր շունչ մը պիտի  բերէ  Սուրիոյ  տնտեսութեան ու չի բացառուիր,  որ       յառաջիկայ   օրերուն սուրիական լիրան    երեւելի  բարելաւում   գրանցէ։