Սուրիոյ մէջ յայտարարուած է նոր զինեալ խմբաւորման մը կազմաւորումը, որ «Սուրիոյ ազատագրման ճակատ» անունը կը կրէ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, նոր կազմաւորուած խմբաւորումը «Ալ Զանքի» եւ «Ահրար Ալ Շամ» խմբաւորումներու միացուլումէն առաջացած է:
Զինեալ խմբաւորման որպէս ղեկավար նշանակուած է «Ահրար Ալ Շամ»ի ղեկավար Հասան Սուֆանը, իսկ անոր օգնականն է «Ալ Զանքի»ի գլխավոր հրամանատար Թաուֆիք Շիհապ Ալ Տինը:
Կայքին փոխանցմամբ, նոր զինեալ խմբաւորումը կը պատրաստուի քանի մը ճակատներու վրայ պայքար մղել: Այն մէկ կողմէ սուրիական բանակին դէմ, իսկ միւս կողմէ իրեն մրցակից այլ զինեալ խմբաւորումներու դէմ կը պատրաստուի պայքարին: