Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան բանակի մէկ բանբերը այս առաւօտ խօսելով AFP գործակալութեան յայտարարած է, որ բանակը հասած է Հասաքէ շրջանի սահմանային գօտի համարուող Թալ Թամըր աւանը։
Բանակի ջոկատներ նոյնպէս երէկ գիշեր մուտք գործած են Մունպէճ եւ Արաբ Բունար քաղաքներ։
Յիշեցնենք, որ բանակի տարածումը կը կատարուի Մոսկուայի կողմէ առաջարկուած համաձայնութեան հիմամբ։
Աւելի վաղ քրտական աղբիւրներ, որ սոյն համաձայնութեան ակնրակած էին, նշած էին, որ քրտական զօրամիաւորումներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական Դամասկոսի բարձրաստիճան զինուորականներ քննարկումներ կատարած էին Մոսկուայի անմիջական հովանաւորութեան տակ եղող «Հըմէմիմ» զօրակայանին մէջ։