Սուրիոյ բանակը կը պատրաստուի Ռաքքան եւ Տէր Զօրը ազատագրելու գործողութիւններու ձեռնարկել: Այս մասին յայտարարած է Մոսկույի մէկ բանբերը: Աղբիւրը, որ յստակ ժամկէտ մը չէ նշած գործողութիւններու սկսման թուականին կապուած նաեւ կը յայտնէ, որ սուրիական զօրքերը իրենց զինուորական արշաւը պիտի սկսին ռուսական ուժերուն նեցուկով: Նշենք, որ Ռաքքան եւ Տէր Զօրը կը համարուի Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման հիմնական կեդրոնատեղիները: