Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն գերեզմաններու համար յատուկ վայր մը տրամադրուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ վերջերս հանգուցեալ ունեցած Գրիգոր Ստեփանեանէն: Մեր հայրենակիցը, որ կորսնցուցած էր իր մայրը, նաեւ ըսաւ, որ Նուպարաշէնի (նախկին անուանումը` Սովետաշէն) գերեզմանի մէկ հատուածը տրամադրուած է այն սուրիահայերուն, որ նիւթական դժուարութիւններու հետեւանքով իրենց հանգուցեալներուն համար յատուկ գերեզման մը ապահովելու դժուարութիւնը ունին: Նաեւ ըսաւ, որ այս կարգադրութիւնը կատարուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Երեւանի մէջ գործող երկու բարեսիրական կազմակերպութիւններու համատեղ գործակցութեամբ: Նաեւ բացատրեց, որ Նուպարաշէնի մէջ եղող գերեզմանատան մէկ հատուածին մէջ տրամադրուելիք հողակտորները հալէպահայերէուն կը տրուին առանց նիւթական փոխհատուցման:
Լուսանկարները` «Արեւելք»ի