image

Սուրիահայերուն Համար Յատուկ Գերեզմանատուն Երեւանի Մէջ (Լուսանկարներ)

Սուրիահայերուն Համար Յատուկ Գերեզմանատուն   Երեւանի Մէջ  (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով  Հայաստան   հաստատուած սուրիահայերուն գերեզմաններու համար յատուկ վայր մը տրամադրուած է: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ  վերջերս   հանգուցեալ  ունեցած Գրիգոր Ստեփանեանէն: Մեր հայրենակիցը, որ  կորսնցուցած էր  իր մայրը,  նաեւ ըսաւ, որ Նուպարաշէնի (նախկին անուանումը` Սովետաշէն)  գերեզմանի մէկ  հատուածը տրամադրուած է     այն սուրիահայերուն, որ   նիւթական  դժուարութիւններու   հետեւանքով   իրենց հանգուցեալներուն համար  յատուկ  գերեզման մը  ապահովելու  դժուարութիւնը ունին:  Նաեւ ըսաւ, որ այս կարգադրութիւնը կատարուած  է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ  Երեւանի մէջ  գործող երկու բարեսիրական  կազմակերպութիւններու  համատեղ  գործակցութեամբ:    Նաեւ բացատրեց, որ     Նուպարաշէնի մէջ  եղող  գերեզմանատան   մէկ  հատուածին մէջ  տրամադրուելիք հողակտորները հալէպահայերէուն կը  տրուին առանց նիւթական փոխհատուցման:  

 

 Լուսանկարները`    «Արեւելք»ի