image

Սուրիահայերու ժամանակաւոր ներկայութիւնը նոր աւիշ մը տուած է մեր գաղութին. Լիբանանահայ գործիչ

Սուրիահայերու ժամանակաւոր ներկայութիւնը նոր աւիշ մը տուած է մեր գաղութին. Լիբանանահայ  գործիչ

Միջին Արեւելքի մէջ իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ Լիբանանը: Համայնքային դրութեամբ  կառավարուող այս  երկիրը  եղած է ու կը շարունակէ մնալ  հայութեան Միջին Արեւելքի կարեւորագոյն գաղութներէն մին:  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի  աւարտէն  անցած են  27 տարիներ, բայց եւ այնպէս  երկիրը         կը  շարունակէ դիմագրաւել բաւական  լուրջ    մարտահրաւէրներ: Այդ խնդիրներուն կարեւոր  մէկ տոկոսը    հետեւանք   է   շրջանին մէջ   երեւելի դարձած   տարակարծութիւններուն, որոնք շատ   յաճախ  կը  հասնին    լուրջ  բախումներու մակարդակին:  Լիբանանի եւ առհասարակ  լիբանանահայութեան  դիմագրաւած  հարցերուն վերաբերեալ «Արեւելք»  հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանահայ    հասարարական գործիչ,  մտաւորական  եւ խմբագիր՝ Վարուժան  Թէնպէլեանին  հետ:

Բազմաբովանդակ  զրոյցի  շահեկանութեան համար   այն կը հրապարկենք  առանց յապաւումներու:

 

-Ինչպէ՞ս   կը  գնահատէք  այսօր լիբանանահայութեան ընդհանուր վիճակը՝ նկատի ունենալով, որ Միջին Արևելքի  մէջ բաւական բարդ իրավիճակ  կը  տիրէ  և Լիբանանը շրջապատող երկրները՝ Իրաքը, Սուրիան, պատերազմական իրավիճակ կապրին, ուր փոքրամասնութիւնները յայտնուած են բաւական լուրջ սպառնալիքներու  առջեւ:

 

 

-Լիբանանահայութեան վիճակը բնականօրէն կապուած է Լիբանանի ընդհանուր կացութեան հետ: Այսօրուան տուեալներով կրնանք բարձրաձայն ըսել, որ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը կը գտնուին բաւականին լաւ վիճակի մէջ, փաստ՝ Լիբանանէն գաղթած բազմահարիւր, եթէ ոչ հազարաւոր հայերու այցելութիւնը Լիբանան այս ամառ՝ զբօսաշրջութեան նպատակով:

 

Եթէ Լիբանանի կացութիւնը ուղղակի կապուած ըլլար դրացի երկիրներուն մէջ պատահող դէպքերուն հետ, ապա առաջին մտածումով մտահոգութիւն պիտի արտայայտէինք, բայց այդպէս չէ իրականութիւնը: Լիբանան քաղաքականօրէն հրաբխային շրջաններու մօտ ըլլալով հանդերձ, ներկայիս ունի յատուկ կարգավիճակ մը, ուր կարծես արգիլուած է պայթումը: Միջազգային թէ շրջանային շահերու բախումներուն արձագանգները կը հասնին մինչեւ հոս, բնական է պիտի հասնին, բայց կարծէք բաց պատուհանի մը կարգավիճակ տրուած է այս երկրին, ուրկէ արագօրէն դուրս կը սպրդին շրջանային տագնապներու ծածանքները:

 

Ընդհակառակը, վերջին 6 ամսուան ընթացքին, նոր նախագահի ընտրութիւնը, ընտրական նոր օրէնքի մշակումը, լիբանանեան բանակի արձանագրած յաջողութիւնները, ներքին ապահովութեան ուժերու կանխարգիլող ուժականութիւնը ցոյց կու տան, որ Լիբանան այժմ կը գտնուի նժարին անդորրութեան կողմը: Թէ քաղաքական շահերու յարաբերութիւնը կրնայ փոխուիլ որեւէ ատեն, ճիշդ է, բայց առայժմ նման նշաններ չկան:

 

Ներքին հասկացողութեան եւ մանաւանդ վերջին տարիներուն լիբանանահայութեան ցուցաբերած համարկումի պատրաստակամութեան այս մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի հայութիւնը կրնայ շատ աւելի իրաւունքներ ստանալ պետական մակարդակի վրայ: Իսկ միւս կողմէ, հայկական մակարդակի վրայ, աշխարհագրականօրէն Հայաստանի մօտ ըլլալու իրողութիւնը յաւելեալ ապահովութիւն կը ներշնչէ լիբանանահայութեան:

 

 

-Վերջերս Լիբանանի կառավարութիւնը ընտրական նոր օրենք հրապարակեց, որ  նոյնպէս վաւերացուեցաւ երկրի խորհրդարանի կողմէն: Այս օրէնքին  մասին թեր և դեմ կարծիքներ կը  հնչեն, դուք որպէս հասարականակ գործիչ և լիբանանահայ համայնքի կեանքին քաջածանոթ անձնաւորութիւն, ինչպիսի՞ մօտեցում ունիք այս օրէնքին վերաբերեալ:  Այս  օրէնքը  արդար  օրէ՞նք մըն է լիբանանահայութեան համար. որո՞նք են այն խոցելի կէտերը, որոնք կրնան բաւական լուրջ   վնասներ հասցընել լիբանանահայութեան կամ որո՞նք են ընտրական օրէնքի դրական կողմերը, որոնք նպատակայարմար են լիբանանահայութեանը եւ մէկ խօսքով՝  անոր օգտին են:

 

-Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքը, որ վերջերս վաւերացուեցաւ վստահաբար քաղաքական գիտութիւններու պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի Լիբանանի անունով: «Գիտական» այս օրէնքը ունի թուաբանական եւ համայնքային այնպիսի հիւսուածք, որ ոչ ոք պիտի կարենայ երկրորդել զայն աշխարհի տարածքին:

Թ՛է անիկա համամասնակա՞ն է՝ այո, թէ՛ անիկա մեծամասնակա՞ն է՝ այո, համայնքային է՞, նոյնպէս՝ այո, չափուա՞ծ-ձեւուա՞ծ է ըստ նախօրօք կատարուած հաշիւներո՞ւ, վստահաբար՝ այո:

 

Թեր կամ դէմ ըլլալը Լիբանանի ընտրական օրէնքին պարագային շատ ալ օգտակար չէ եւ ոչ ալ՝ գործնական: Անցեալին, այսօր եւ բնականաբար վաղը, Լիբանանի ընտրական օրէնքները պիտի ցոլացնեն այս երկրին «համայնքային դրութեան» խորքը: Կը մնայ ճշդել որ անիկա նպաստաւո՞ր է հայութեան: 7 հայ թեկնածուներու ընտրութիւնը ապահովուած է սահմանադրութեամբ: Ուրե՞մն: Անոնք հայ համայնքը կը ներկայացնե՞ն կամ ոչ: Հայ համայնքի թեկնածուներուն յաջողութիւնը, ինչպէս միշտ, կախեալ է ցանկերու կազմութենէն եւ քուէարկող ուժը զօրաշարժի ենթարկելու կարողականութենէն: Այս երկու տուեալները միշտ առկայ են: Նոր օրէնքին հետ անհրաժեշտ կը դառնայ նաեւ ընտրաշրջանի ընդհանուր քուէարկողներու եւ հայ քուէարկողներու թիւին ճիշդ գնահատումը, եւ անոնց բաժանումը այնպիսի վարպետութեամբ, որ «նախասիրական քուէով» (preferential vote) ընտրուին համայնքին բոլոր թեկնածուները:

 

Բացատրենք: Ընտրական նոր օրէնքը ունի երկու բաժին: Առաջին հերթին կը կազմուին ցանկերը համամասնական քուէարկութեան համար: Ցանկերու կազմութիւնը պէտք է ամբողջացած ըլլայ քուէարկութեան թուականէն 40 օր առաջ: Անոնք կը փոխանցուին ներքին նախարարութեան, որ կը տպէ զանոնք: Ցանկերուն վրայ կը տպուին նաեւ թեկնածուներուն նկարները՝ քուէարկութեան գործընթացը դիւրացնելու համար: Քուէարկողը կը մտնէ ընտրութեան սրահը յատուկ ընտրաքարտով: Առաջին հերթին կը զատէ իր փափաքած ցանկը եւ կ'անցնի առանձնակի սենեակ՝  ճշդելու իր նախասիրած թեկնածուն՝ անոր անունին քով դնելով պահանջուած նշանը: Իւրաքանչիւր քուէարկող իրաւունք ունի մէկ նախասիրութեան: Ուրեմն զատեցինք ցանկը եւ ընտրեցինք մեր նախասիրած անունը: Մինչեւ հոս, նորութիւն ըլլալով հանդերձ, բաւական դիւրին գործընթաց մը կը թուի ըլլալ: Իսկ քուէհամա՞րը: Ըստ էութեան բարդ չէ, բայց ամբողջ ընտրական օրէնքին տարօրինակութիւնը ցոյց կու տայ:

 

Նկատի առնելով որ այս հարցազրոյցը բացառաբար Լիբանանի ընտրական օրէնքին մասին չէ, զանց կ'առնենք մանրամասնութիւնները՝ միայն նշելով որ ցանկերու քուէհամարը եւ իւրաքանչիւրին ստացած ձայներու համեմատութիւնը կը ճշդեն իւրաքանչիւր ցանկին ստացած աթոռներուն թիւը: Հոս կը վերջանայ օրէնքին համամասնական բաժինը: Երկրորդ բաժնով կը գումարուին «նախասիրական ձայները» եւ մեծամասնական դրութեամբ կը ճշդուին իւրաքանչիւր ցանկէն եւ իւրաքանչիւր համայնքէն շահող թեկնածուները: Միայն մէկ մանրամասնութիւն պէտք է աւելցնել, որ «նախասիրական ձայները» կը տրուին զուտ qadaaի դրութեամբ եւ 1960-ի օրէնքի բաժանումներով:

 

Արդ, հայ համայնքին յաջողութիւնը կախեալ է ցանկերու ուսումնասիրուած կազմութենէն եւ «նախասիրական ձայներու» ուժականութենէն:

 

 

-Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը լիբանանահայութիւնը  մեծ թիւ   կը  կազմէր,  եւ  Լիբանանը  կը համարուէր  Սփիւռքի  սիրտը: Այսօր որքանո՞վ է ճիշտ այդ մօտեցումը,  եւ ձեր ունեցած տուեալներուն  համաձայն՝ արդեօ՞ք Լիբանանէն   դէպի այլ երկիրներ արտագաղթը   տակաւին  կը շարունակուի: 

 

-Լիբանանէն արտագաղթը գրեթէ դադրած է՝ եթէ արտագաղթ ըսելով պիտի հասկնանք դէպի արեւմտեան «ձուլարաններ» գաղթը: Այսօր տեղաշարժներ տեղի կ'ունենան, այո, բայց իմ կարծիքով, բոլորը կ'ընթանան ի նպաստ լիբանանահայութեան: Սուրիահայերու ժամանակաւոր ներկայութիւնը նոր աւիշ մը տուած է մեր գաղութին:

 

 

-Սուրիոյ  պատերազմին  հետեւանքով մեծ  թիւով սուրիահայեր Լիբանան տեղափոխուեցան,  նոյնքան էլ տեղափոխուեացն մայր հայրենիք՝ հաստատուելով  այնտեղ: Արդեօ՞ք լիբանանահայութեան մէջ կայ հետաքրքրութիւն Հայաստան տեղափոխուելու ու այնտեղ հաստատուելու  հանդեպ: Եթէ այո, ապա ինչո՞ւ վերջին տարիներուն Լիբանանէն  դէպի Հայաստան ներգաղթի նոր հոսք   տեղի չունեցաւ. որո՞նք են պատճառները:

 

-Ըստ իս ամէնէն կարեւոր եւ հիմնական տեղաշարժը, որ երթ ու դարձի օղակով կ'ընթանայ՝ լիբանանահայութեան, կապն է Հայաստանի հետ: Մեծ թիւով լիբանանահայեր այսօր բնակարաններ եւ հողաշերտեր ունին Հայաստանի մէջ: Կրնայ առարկուիլ, որ Կիպրոսի մէջ ալ բնակարաններ գնող հայերուն թիւը սկսած է աւելնալ, ճիշդ է, բայց այս բոլորը միայն դրական կարելի է նկատել՝ տրուած ըլլալով որ տեղաշարժը միայն տեղի կ'ունենայ Հայաստանի եւ Հայաստանի մերձակայ գաղութներուն միջեւ: Այս նեղ օղակին մէջ կարելի չէ արտագաղթի մասին խօսիլ:

 

Իսկ ինչո՞ւ ներգաղթ տեղի չունենար: Երկու պատճառով: Նախ, իմ կարծիքով, ժամանակը տակաւին չէ հասած կազմաքանդելու Հայաստանամերձ գաղութներու կառոյցները՝ մանաւանդ ի շահ Հայաստանի, իսկ երկրորդ, Հայաստան տակաւին չէ յառաջացուցած կազմակերպուած ներգաղթի ստորոգելիները:

 

Ներգաղթը ունի տնտեսական, ընկերային, մշակութային եւ մանաւանդ տնտեսական համարկումի բազմաթիւ ստորոգելիներ: Լիբանանահայութեան հետ առընչուած ներկայ տեղաշարժերը ունին անհատական բնոյթ եւ իմ կարծիքով այդպէս ալ կը մնան այնքան ատեն որ Հայաստան չէ մշակած եւ գրաւիչ չէ դարձուցած տնտեսական համարկումի օրէնքները: Հոս տեղը յարմար չենք նկատեր արծարծելու ժողովրդային այլ դժգոհութիւններ: Ատոնց մասին   հնարաւոր է  խօսիլ այլ առիթով:

 

-Հայութիւնը,  բնականաբար,  պիտի մասնակցի   Լիբանանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրություններուն, ձեր կարծիքով արդեօ՞ք լիբանանահայութիւնը ընտրութիւններուն միակամ  պիտի  ըլլայ ՝ նկատի ունենալով, որ վերջին առնուազն 5-6 տարիներուն երկիրը ցնցած քաղաքականօրեն բաւական երկփեղկուած իրավիճակներուն  ընթացքին պահպանեց ներքին միասնութիւնը, որը ինքնին  դրական ձեռքբերում է: Ի՞նչ   մօտեցում  ունիք  այս խնդրին, այսինքն՝ արդեօ՞ք այդ միասնականութիւնը կը պահպանուի կամ խորհրդարանական ընտրութիւններուն   պատճառով լիբանանահայութիւնը կ'ապրի լուրջ մասնատումներ: 


-Լիբանանահայութեան միասնականութիւնը հարցականի տակ երբեք պէտք չէ առնել, իսկ քաղաքական տարակարծութիւններ, եթէ ըլլան, միշտ առողջ երեւոյթ պէտք է նկատել: Ընտրական օրէնքի հակիրճ բացատրութեան մէջ նշեցի, որ անիկա ունի երկու բաժին. առաջին բաժինով կը ճշդուի շահուած աթոռներու թիւը, որուն գծով որոշ պատկերացում կարելի է ունենալ ցանկերու կազմութեան ատեն. իսկ երկրորդը «նախասիրական ձայներու» պարագան է, երբ սաստիկ կարեւոր կը դառնայ իւրաքանչիւր ձայն:

Իմ կարծիքով, լիբանանահայ համայնքը ներկայացնող քաղաքական հոսանքները ունին բաւական հասունութիւն եւ փորձառութիւն՝ առիթ չտալու ոչ մէկ հայկական ձայնի  կորուստին կամ «փախուստ»ին:

 

 

-Ձեր կարծիքով,  ի՞նչ  կը  սպասէ  Լիբանանին, նկատի ունենալով, որ հակառակ այն հանգամանքին, որ երկրին  մէջ  տիրող քաղաքական   հաւասարակշռութիւնները եւ արտաքին ուժերուն կողմէ առկայ  «վերահսկում»ի    մէքանիզմները Լիբանանը ենթակայ  է բաւական բարդ խնդիրներու, որոնցմէ ամենագլխաւորներէն  է սուրիացի գաղթականներու, պաղեստինեան գաղթականներու խնդիրներն  ու հարցերը, ապօրինի զէնքի հարցը  եւ այլ  շարք մը  հարցեր, որոնք   կը սպառնան  հայութեան համար կարեւոր երկիր հանդիսացող Լիբանանի  ընդհանուր անվտանգութեան: 

 

 

-Բացի սուրիացի գաղթականներու երեւոյթէն, միւս բոլոր հարցերը հինէն կու գան: Սուրիացի գաղթականներու հարցը բաւականին մտահոգիչ է, բայց տրամաբանօրէն՝ ժամանակաւոր: Գրեթէ բոլոր նշուած հարցերը կապուած են արտաքին ազդակներու: Դժբախտաբար, լիբանանեան մոզայիքը  «մարյոնէթ» ի նման կապուած է արտաքին ուժերու քմահաճոյքին՝ ընդհանրապէս լիբանանցիներուն կամքով: Ինչպէս ըսինք, քաղաքականօրէն հրաբխային շրջաններու մօտ ըլլալով հանդերձ, Լիբանան ներկայիս ունի յատուկ կարգավիճակ մը, ուր արգիլուած է պայթումը: Կը մաղթենք որ այս վիճակը կ'երկարի այնքան մը որ լիբանանացիք կ'ունենան բաւարար ժամանակ դառնալու հասուն եւ ինքնաբաւ... քարիւղի եւ կազի արտահանման բարիքները վայելելու յոյսով նաեւ:

 

 

Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի