image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիացիներու թիւը Եւրոպայի մէջ կը հնգապատկուի

Սուրիացիներու թիւը Եւրոպայի մէջ կը հնգապատկուի

Ըստ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով զբաղուող գերագոյն յանձնակատարի փոխանցած տուեալներուն, նախորդ տարուայ համեմատութեամբ, այս տարի (2015թ.) սուրիացիներու թիւը Եւրոպայի մէջ հնգապատիկ անգամ  աճ կ'արձանագրէ, կազմելով՝ 681,713 մարդ:Ըստ յանձնակատարի նշած տուեալներուն, Եւրոպա հաստատուող սուրիացիներու մեծամասնութիւնը կը բնակի Սերպիա, որոնց թիւը կը կազմէ 205,578  մարդ: Փախստականներու հիւրընկալման թիւի գերազանցութեան մէջ Սերպիային կը յաջորդէ Գերմանիան՝ 153,655 մարդով, իսկ երրորդ տեղը կը գրաւէ Շուէտը , հիւրընկալելով 93,268 սուրիացիներ:Այս հաշուարկման մէջ վերջին դիրքը կը գրաւէ Լիթվանիան, պարփակելով ամենաքիչ թիւով սուրիացիներ, միայն՝ 29 մարդ, անոր կը նախորդէ Էսթոնիան՝ 42 մարդ եւ ապա Լաթվիան՝ 89 մարդ:Տուեալները կը վկայեն նաեւ, որ 2011-էն սկսեալ հաշուարկուած Միջերկրական ծովու մէջ խեղթամահ եղող գաղթականներու թիւը կը կազմէ 9,506 մարդ: