Դամասկոսի մէջ գործող «Միտատ» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի հրապարակած զեկոյցը բացայայտած է, որ Սուրիոյ ճգնաժամի ընթացքին ծայրայեղ աղքատութեան մէջ յայտնուած սուրիացիներու թիւը կը կազմէ ժողովուրդի 67 առ հարիւրը:
Հետազօտութեան նպատակը եղած է նաեւ բացայայտել ճգնաժամի ազդեցութիւնը կնոջ վրայ, նկատի ունենալով, որ պատերազմը իր պատճառած աւերներով, տկարացուցած է սուրիացի կնոջ եւ բացասական անդրադարձ ունեցած է անոր տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական պայմաններուն վրայ, կը գրէ սուրիական «Ուաթան»թերթը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ճգնաժամը լուրջ ազդեցութիւն ունեցած է կնոջ տնտեսական դերին վրայ, մանաւանդ հազարաւոր մարդոց մահանալէն ետք, որոնց 82 առ հարիւրը տղամարդիկ են, նշելով, որ մահուան պարագաները առաւելաբար կեդրոնացած են երիտասարդ, արտադրող աշխատուժի եւ տնային տնտեսութեան պատասխանատու խումբերուն վրայ, իսկ անոնց 1,2 միլիոնը ենթարկուած են վնասուածքներու եւ հաշմանդման:
Զեկոյցը կը յայտնէ նաեւ, որ շուրջ 2.7 միլիոն մարդ իրենց աշխատատեղերը կորսնցուցած են :