image

Սուրիա. Ճգնաժամի լուծման նախօրէին «վերջին» պատերազմնե՞ր

Սուրիա. Ճգնաժամի լուծման նախօրէին «վերջին» պատերազմնե՞ր

Սուրիոյ պատերազմը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր թէժութիւնն ու առաւել հանդարտ կերպով կ'ընթանայ, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը, նշելով նաեւ, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը տակաւին չէ յաջողած իր իշխանութեան տակ վերցնել ամբողջ երկրի հողերը, որովհետեւ այդ հողերուն մէկ մասը կը գտնուի լարուածութեան չէզոքացման տարածքներուն մէջ, ու անոնց ազատագրման համար պէտք է սպասել մինչեւ ճգնաժամի քաղաքական լուծման աւարտը:

Այս ենթահողին վրայ, տեղական աղբիւրները նշած են, որ Սուրիոյ յետաձուած պատերազմները տեղի պիտի ունենան արեւելեան շրջաններու ազատագրման ու քաղաքական երկխօսութեան աւարտին միջեւ ինկած ժամանակահատուածին մէջ:

Աղբիւրները շեշտած են նաեւ, որ ներկայիս առաջնայինը Դամասկոսի պաշտպանութիւնն է, հետեւաբար շատ հաւանական է, որ յառաջիկային Արեւելեան Ղութային մէջ պատերազմ սկսի, զայն ազատագրելու նպատակով:

Հաւանական է նաեւ, որ Ղութայէն բացի վերսկսին նաեւ Համայի արուարձանի կիսատ մնացած պատերազմական  գործողութիւնները, հասնելու համար մինչեւ Իտլիպ, ու ապահովելու Լաթաքիոյ եւ Հալէպի հարաւային արուարձանը:

Տեղական աղբիւրներու համոզմամբ, անակնկալը կրնայ կայանալ Քունայթիրա քաղաքի ազատագրման մարտերու մեկնարկին մէջ, սակայն այդ մէկը կրնայ այնքան ալ դիւրին չընթանալ, նկատի ունենալով Իսրայէլի հետ սահամանագիծի վրայ գտնուելուն հանգամանքը: