Սուրիական պատերազմին հետեւանքով կազմուած «Քիւրտերու ազգային խորհուրդ»ի ջոկատներ յայտնած են, որ ամէն գնով պիտի պաշտպանեն իրենց տիրապետութեան տակ եղած շրջանները եւ պայքարին PKK-ի դէպի այդ շրջանները յառաջխաղացքին դէմ: Այս մասին խորհուրդը յայտարարած է, You Tube-ի վրայ հրապարակուած տեսանիւթով մը: Նոյն տեղեկութիւնը կը փոխանցէ նաեւ քրտական ANF կայանը, որուն փոխանցմամբ «Քրտական ազգային խորհուրդ»ի (KNC) ջոկատներ ներքին կարգով կը համագործակցին ISIS -ի եւ «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալներուն հետ եւ անոնց համար միացեալ թշնամի է քրտական YPK-ն եւ PKK-ն: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ քրտական այս խմբաւորման համար այսօր գլխաւոր օրակարգը Թուրքիոյ հետ սահմանային Ճարապլուս եւ Ազէզ շրջաններու պահպանումն է: Ըստ ANF-ի «Քիւրտերու ազգային խորհուրդ»ի ջոկատները ամէն տեսակի օժանդակութիւններ կը ստանան Թուրքիայէն: