Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Սոչիի մէջ 29 եւ 30 յունուարին կայանալիք «Սուրիոյ ազգային երկխօսութիւն» համագումարին մասնակցելու համար մօտ 1600 անձի հրաւէր ուղղուած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքի փոխանցմամբ, նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Մարիա Զախարովա լրագրողներուն յայտնած է, որ նախատեսուած է Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի մասնակցութիւնը համագումարին:
Այս առթիւ Զախարովա քննադատութեան ենթարկած է Սուրիոյ մէջ ԱՄՆ-ի վարած քաղաքականութիւնը, որ կը միտի իր ռազմական ուժի չափը մեծցնել, բան մը, որ կը խանգարէ ճգնաժամի խաղաղ լուծման:
Զախարովա նշած է նաեւ, որ համագումարի մասնակցութեան համար հրաւէրներ ուղղուած են քիւրտ ղեկավարներու, եւ այժմ անոնք են, որ պիտի որոշեն աշխոյժ մասնակցութիւն ունենա՞ն համագումարին, թէ՝ ոչ: