image
Հրատապ լուրեր:

Սփիւռքի կամաւորական գունդեր

Սփիւռքի կամաւորական  գունդեր

Արցախի մէջ     եղած   դէպքերը   համահայկական  իսկական  նոր օրակարգ ձեւաւորեցին: Փաստուեցաւ  նաեւ,  որ  28  տարի առաջ հայ ժողովուրդը մէկ հիմնական  նպատակի շուրջ համախմբած Ղարաբաղը ունի   նոյն   ուժգնութիւնը  բոլոր օրակարգերը փոխելու  եւ  ամբողջ հայութեան  իրական ներուժը   իր ուղղութեամբ   լարելու:  Սփիւռքը  եւս փոխեց իր  օրակարգերը   եւ  բոլորին համար  Արցախեան   ճակատներուն վրայ սահման պահող մեր զինուորներէն սկսեալ մինչեւ ամենափոքր  ռազմական դէպքերը  դարձան ուշադրութեան առարկայ: Ընկերային ցանցերէն մինչեւ անհատական  մակարդակի վրայ եղած  խօսակցութիւններու  հիմնական  առանցքը կը շարունակէ մնալ Արցախը: Իրականութիւն է նաեւ,  որ  պատրաստի ծրագիրներու պակասին հետեւանքով  ներկայ  խանդավառութիւնը կրնայ նուազիլ կամ մարիլ: Սա   շատ բնական  երեւոյթ է,  եւ այս  գործօնին վրայ կը յենի  մեր հակառակորդը:  Այսինքն մեզի տալով   համեմատական խաղաղութեան պայմաններ՝ կը փորձէ մեր ներկայ զգօն վիճակը  տանիլ նուազագոյնի եւ օգտուիլ  բացթողումներէն  ու կրկին  հարուածել: Գաղափարական  հէնքով  եղած  որոնումներու ընդհանուր պարունակին մէջ պէտք է  անպայման  տեսնել,  որ սփիւռքը այսօր կ'ապրի գաղափարական իրական  տագնապ: Մինչ ութսունականներու  աւարտին  արցախեան գոյամարտի  իւրաքանչիւր փուլ  ստեղծարար  նոր  շերտեր կը բանար  սփիւռքահայութեան մօտեցումներուն մէջ, այսօր նկատելի է, որ   սփիւռքը դադրած է ստեղծարար   ուժ մը  ունենալէ:  Այս իրավիճակին մէջ     գաղափարական երազով  սկիզբ առնելիք  իւրաքանչիւր   գործ  վստահաբար  պիտի տանի նոր   յաջողութեան, եւ այս առւմով այսօր  ամէնէն  կարեւոր հրամայականներէն մէկն է   կերտել սփիւռքահայ կամաւորներու բանակ:      Այս  գործին հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ  հայրենիք-սփիւռք   առնչութիւնը    ժողովասրահներէն եւ սալոններէն փոխադրել իրական  դաշտ  մանաւանդ, որ նման  աշխատանք մը մեծ ոգեղէն լիցք  պիտի  տայ ոչ միայն   սահմանը  պահող մեր զինուորներուն, այլ  նոյնիսկ անոնց, որ     սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր   անկիւններուն մէջ ինքնութեան  լուրջ  տագնապ կ'ապրին:   Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման   աշխատանք մը իրականացնել, պէտք է պատասխանել համապատասխան   ծրագիրներով, որոնք   պիտի ունենան երկարաժամկէտ եւ  կարճաժամկէտ    առանցքներ եւ  մօտեցումներ:   Եթէ պահ նոյնիսկ համարենք, որ սահմանին վրայ     մենք այսօր մարդկային  ներուժի խնդիր չունինք,  պէտք է  հասկնանք, որ նման ծրագրի մը  յաջողութիւնը  նոր ուղիներ պիտի բանայ  մեզի համար:

Բերդի  անառիկութիւնը  ունեցող Շուշին   գրաւել  կրցող   ժողովուրդին  համար  նոյնքան հեշտ է հարիւրաւոր սփիւռքահայ կամաւորներ ընդունիլ, պատրաստել զանոնք  եւ  ճակատ   առաջնորդել:

Բացի  այս բոլորէն,   այսօր վստահաբար  քիչ չէ  թիւը այն կամաւորներուն, որոնք   իրենց  երկիրներուն  մէջ նման  ազդանշանի մը կը սպասեն:

Սփիւռքի կամաւորական  գունդեր ստեղծելու  առաջարկը  լոկ երազանք մը չէ: Այն կը դառնայ իրականութիւն,  եթէ մենք բոլորս  հասկնանք  ու հաւատանք նման վեհ գործի մը կենսականութեան: