image
Հրատապ լուրեր:

Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Սիմոնեանի «Գմբէթ Արեգ» Գիրքի Շնորհահանդէսը

Երէկ 29 Յունուար 2016-ին,  Պէյրութի «Սահակեան» Գոլէճի, «Արմէն եւ Բերսաբէ Ճէրէճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է Նոր Սերուդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն՝ Պէպօ Սիմոնեանի յիշատակին նուիրուած երեկոյ մը: Հանդիսութիւնը նուիրուած էր Պէպօ Սիմոնեանի յետ մահու հրատարակուած բանաստեղծութիւններու «Գմբէթ Արեգ» հատորին շնորհահանդէսին: Երեկոյին ելոյթ ունենալով Հայկազեան համալսարանի եւ Հայ Աւետ. Գոլէճի  մէջ հայագիտական նիւթերու դասախօս՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը, հանգամանալից կերպով ներկայացուցած էր Սիմոնեանի գիրքը, ինչպէս նաեւ խօսք առած էր հրապարակագիր՝ Աւետիս Ռազմիկը:

 

 

Յիշեցնենք, որ գրող եւ մտաւորական Պէպօ Սիմոնեանը, որ իր մահկանացուն կնքած էր 2015-ին Մարտ 27-ին, անդամ էր Լիբանանահայ Գրողներու Համախմբումին եւ քարտուղարութեան, ինչպէս նաեւ «Կամար» եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն:

Ան իր մեծ վաստակին շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արժանացած էր «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իսկ 2012-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը զինք շնորհած էր «Մովսէս Խորենացի» մետալ: