image
Հրատապ լուրեր:

Շուէտի Հայկական Համայնքը Ցեղասպանութեան Հարցով Կարեւոր Որոշումի Կը Սպասէ

Շուէտի Հայկական Համայնքը Ցեղասպանութեան Հարցով Կարեւոր Որոշումի Կը Սպասէ

Շուէտի հայկական ընկերութեան խօսնակ Վահագն Աւետեան յայտարարած է, որ տեղւոյն հայ համայնքը  2016 թ.ին հայկական հարցի առնչութեամբ դիրքորոշում կ'ակնկալէ իր երկրի կառավարութենէն: Այս մասին կը փոխանցէ «Մարմարա» նշելով, որ Շուէտի խորհրդարանը 2010-ին արդէն ճանչցած էր  Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղած էր կառավարութեան, որպէսզի ան ալ իր հերթին իր դիրքորոշումը հրապարակէ:

«Մարմարա», հաղորդելով Աւետեանի խօսքը, կը նշէ, որ  նախկին կառավարութիւնը այդ ուղղութեամբ ոչինչ ըրած էր, սակայն ներկայ կառավարութիւնը յայտնած է, որ այս տարուայ ընթացքին անպայման կարծիք պիտի հրապարակէ այդ ուղղութեամբ:  Ան նշած է նաեւ, որ Շուէտի հայ համայնքի ղեկավարութիւնը կը հետեւի այդ գործընթացին եւ  հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետ կապուած պարբերաբար աշխատանք կը տանի, որուն որպէս արդիւնք 2015-ին երկրի լրատուամիջոցները բազմաթիւ յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ հրապարակած են Հայոց Ցեղասպանութեան թէմայով:

Շուէտի հայկական ընկերակցութեան խօսնակը նաեւ դիտել տուած է, որ հայ համայնքի համար կարեւոր հարց է  սուրիահայ գաղթականներու խնդիրը, որոնք վերջին տարիներուն մեծ թիւով ապաստանած էին Շուէտ: Շուէտի հայ համայնքը կը փորձէ անոնց օգնել տարբեր տեսակի՝ նիւթական, կրթական, փաստաթղթային եւ այլ հարցերով, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշխատանքներ կը կազմակերպուին սուրիահայ երեխաներուն համար: