image

Սէուտցիք տագնապի մէջ են. «Հըզպալլա»ի փոխ առաջնորդ

Սէուտցիք  տագնապի մէջ են.  «Հըզպալլա»ի փոխ առաջնորդ

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ղեկավար դէմքերէն Շէյխ Նայիմ Քասէմի  կարծիքով  Սէուտական Արաբիան  լուրջ տագնապի մը  առջեւ է: Քասէմ այս մասին յայտատարած է նշելով, որ Սէուտցիք «փորձեցին Լիբանանի մէջ տագնապ ստեղծել ու  իրենք ինկան այդ տագնապին մէջ»:

Ան նաեւ ըսած է, որ «Հըզպալլա» բնականոն հունով մը կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ այսօր կուսակցութիւնը դարձած է Լիբանանը միաւորող կարեւորագոյն գործօններէն մին:

Յիշեցնենք, որ Լիբանան կ'ապրի քաղաքական  անորոշ  դրութիւն մը երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիի մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած հրաժարականէն ասդին: Հարիրի ցայսօր եւ առանց յստակ պատճառաբանութիւններ տալու կը մերժէ  Պէյրութ  վերադառնալ: 

Ան իր հրաժարականը  տուած էր Ռիատէն: