Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, որ կը միանայ Նաւարկումի եւ ծովային անցքերու անվտանգութեան երաշխաւորման միջազգային դաշինքին: Այս մասին կը հաղորդէ սէուտական ՈՒԱՍ լրատու գործակալութիւնը:
Գործակալութիւնը նշեց, որ Ծոցի մէջ Նաւարկումի անվտանգութեան երաշխաւորման միջազգային դաշինքի գործունէութեան տարածքները Հորմուզի նեղուցը, Պապ Մանտեպ նեղուցը, Օմանի ծովը եւ Արաբական ծոցն են:
ՈՒԱՍ կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիա այդ միջազգային դաշինքին կը միանայ` օժանդակելու համար նաւարկումի եւ միջազգային առեւտուրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու դիմակայման, միջազգային ուժանիւթի եւ անոր մատակարարման անվտանգութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման նպաստելու համար: