image

Ատրպէյճան կ՚անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերը. Պաքուի մէջ ընթացք առաւ հայ գերիներու դատավարութիւնը

Ատրպէյճան կ՚անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերը. Պաքուի մէջ ընթացք առաւ հայ գերիներու դատավարութիւնը

 

Այսօր Պաքուի մէջ սկսած է դատական ֆարսը հայ ռազմագերիներու նկատմամբ։

 

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ կը դատեն ռազմագերիներ Լիւդվիգ Մկրտչեանը եւ Ալիոշա Խոսրովեանը։ Երկուքն ալ ղարաբաղեան առաջին պատերազմի մասնակիցներ են, անոնց ներկայացուած են անհեթեթ մեղադրանքներ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տուեալներով՝ կը պատրաստուին ամբողջ շարք մը ռազմագերիներու (14 մարդ) դատավարութիւններ՝ նման մեղադրանքներով։ Այսպիսով, Ատրպէյճանը լկտիաբար կ'անտեսէ միջազգային հանրութեան՝ գերիները անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր կոչերը։ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը խախտեն 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը բոլոր գերիներու փոխանակման մասով։