Սէուտական Արաբիան որոշած է վերսկսիլ ռազմական օգնութիւններու մատակարարումը Լիբանանի Հանրապետութեան, կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը, աւելցնելով, որ երկու երկիրները որոշած են փոխյարաբերութիւններու նոր էջ մը բանալ:
Ըստ աղբիւրին, Սէուտական Արաբիոյ Պաշտպանութեան նախարար գահաժառանգ Մուհամմատ Պին Սալման Լիբանանի Պաշտպանութեան նախարարին հետ պիտի քննարկէ փոխհամագործակցութեան միջոցները:
Նշուած է նաեւ, որ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան ընթացքին երկրի ղեկավար Սալման Պին Ապտուլազիզէն անձամբ խնդրած է վերսկսիլ Լիբանանի Բանակին օժանդակութեան տրամադրումը՝ ահաբեկչութեան ինչպէս նաեւ երկրի խաղաղութեան սպառնացող այլ ուժերու դէմ պայքարելու համար:
Ըստ Սէուտական լրատուամիջոցներուն, «Ալ Եամամա» թագաւորական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին գահական Սալման եւ նախագահ Աուն քննարկած են տարբեր մարզերու մէջ զոյգ երկիրներու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք միջոցները, նաեւ անդրադարձած են արաբական եւ միջազգային գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն: