Սատտամի մահապատիժի կիրառման նախօրէին անոր հանդարտ պահուածքը, անգամ ժպտուն դէմքը մեծ հարցականներ առաջացուցած է բոլորին մօտ:
Իրաքի նախկին ղեկավարի մահապատիժը կիրառող զինուորականը տարիներ անց որոշած է մանրամասներ ներկայացնել Սատտամի վերջին օրերէն, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Զինուորականին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Սատտամ իր ձերբակալութենէն ետք, եւ մինչեւ մահապատիժի կիրառման օրը մշտապէս կը ժպտար, եւ ոչ ոք կը հասկնար այդ ժպոտին պատճառը:
Ան իր նախընտրած ճաշատեսակը պահանջած է, այնուհետեւ լուսաբացի աղօթքը կատարելէ ետք անկողինին անկիւնը նստած Ղուրան կարդալով կը սպասէր որոշուած ժամը:
Մահուան առջեւ դէմ հանդիման կանգնած Սատտամի հանդարտ ժպիտը սարսափի մատնած է ամերիկացի զինուորականները, որոնցմէ մին անգամ կասկածած է, թէ տարածքին մէջ լարուած ռումբ տեղադրուած է եւ շուտով պիտի պայթի:
Սատտամ պահակներէն մէկէն իր հաստ վերարկուն խնդրած է, որպէսզի յանկարծ պաղէն չդողայ եւ ժողովուրդին մօտ մահէն վախցողի տպաւորութիւն չձգէ:
Ան մահուան պահուն մերժած է դիմակ կրել, որովհետեւ մահէն չէր սարսափեր, եւ մինչեւ կեանքին հրաժեշտ տալու պահը ժպիտը չէ հեռացած դէմքէն, բան մը, որ բոլորին համար անլուծելի հանելուկ մնացած է: